Գիշեր ու ցերեկ եւ ամէն ժամ կ’աղաչենք քեզի եւ կը խնդրենք, մարդասէ՛ր Տէր:
Լսէ՛ մեզ, ո՜վ Աստուած,
մեր Փրկիչը.
ականջդ մեզի խոնարհեցուր,
որպէսզի զուր տեղ չյոգնինք.
այլ՝ մեր ճիգը արդարութեան գործ եւ աստուածպաշտութեան պտուղ նկատէ:
Ընդունէ՛ մեր աղօթքն ու երկրպագութիւնը, ո՜վ Տէր,
եւ Քու ողորմութեամբդ հատուցանէ մեզի, առատապէս:
Քու ամենազօր աջիդ հովանիին տակ ծածկէ մեզ,
եւ Սուրբ Հոգիիդ զօրութեամբը զօրացուր մեզ, ո՜վ Տէր:
Աչքի բիբի պէս պահէ մեզ,
եւ Քու բարութիւնդ ցոյց տուր մեզի, ո
րպէսզի Քու սուրբ անունդ գովուի եւ փառաբանուի:
Որովհետեւ բոլոր արարածները մշտնջենաւոր փառաբանութեամբ Քու փառքդ կը հիւսեն բարձունքներուն մէջ,
Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի,
այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից:
Ամէն: